2015-09-25 17:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ելոյթը ՄԱԿ-ին մէջ` խաղաղութիւն, արդարութիւն, աղքատութեան դէմ պայքար...


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 25 սեպտեմբերի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով ՄԱԿի կենդրոնին մէջ տուած իր պատգամին ըսաւ.

«Անգամ մը եւս հետեւելով աւանդութեան մը, որուն համար պատուուած կը զգամ, ՄԱԿի ընդհանուր Քարտուղարը հրաւիրած է Քահանայապետը, որ խօսք ուղղէ ազգերու այս պատուաւոր ժողովին։ Իմ եւ ամբողջ կաթողիկէ հասարակութեան անունով կ՛ողջունեմ  Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի-մունը, յայտնելով խորին եւ սրտագին երախտագիտութիւնս''։  Քահանայապետը ապա ողջունեց ժողովին ներկայ գտնուող Պետութիւններու Ղեկավարները, Դեսպանները, դիւանագէտները եւ քաղաքական գործիչները եւ անոնց ընկերացող ճարտարագէտները ու ՄԱԿի անձնակազմը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յիշեց,  որ հինգերորդ անգամն է, որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ ՄԱԿը։ Ասկէ առաջ իրենց այցելութիւնը տուած էին Երանելի Պօղոս Զ. (1965ին), Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (1979ին եւ 1995ին) եւ Պենետիկտոս ԺԶ. (2008ին)։ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ իր նախորդները միշտ գնահատանքով արտայայտուած էին ՄԱԿի տարած աշխատանքի մասին, որ սկիզբ առած էր պատմական ցնցիչ պարագաներու բերմամբ։ Յիշատակութեան արժանի համարեցաւ ՄԱԿի գործունէութիւնը ի նպաստ միջազգային իրաւունքի կազմաւորման եւ զարգացման, մարդկային իրաւունքներու կատարելագործման, բազմաթիւ հակամարտութիւններու խաղաղեցման եւ հաշտութիւններու կնքման մէջ։ Այս բոլոր իրականացումները լոյս սփռելով՝ կը հակազդեն անզուսպ ձգտումներու եւ հաւաքական եսասիրութեան բերած խաւարին եւ անկարգութեան – ըսաւ Քահանայապետը ու դիտել տուաւ թէ  ''Ճիշտ է, որ տակաւին գոյութիւն ունին բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ, սակայն առանց միջազգային գործունէութեան՝ մարդկութիւնը պիտի չկարենար գոյատեւել՝ դառնալով զոհը իր կարողականութեան անզուսպ գործածութեան։ Ապա աւելցուց`  ''Այս քաղաքական, իրաւաբանական եւ ճարտարարուեստական յառաջացումներէն իւրաքանչիւրը մարդկային եղբայրութեան գաղափարականի իրականացման հանգրուան մը կը ներկայացնէ, եւ միջոց մըն է՝ անոր գերագոյն իրականացման''։

Քահանայապետը ապա դրուատեց ՄԱԿի 70 տարուան արձանագրած նուաճումները,  յանուանէ յիշելով Տակ Համմերսքյէօլտ, ՄԱԿի երկրորդ ընդհանուր քարտուղարը, որ իր կեանքը տուած էր ժողովուրդներու հաշտութեան համար։

Հարկաւոր է վերահաստատել իրաւունքի եւ արդարութեան սկզբունքը, գիտակից ըլլալով որ արդարութիւնը անհրաժեշտ պահանջ մըն է իրագործելու համար տիեզերական եղբայրութիւն մը։

Արդարութեան դասական բնութագրման համաձայն՝ «իւրաքանչիւրին տալ, այն, ինչ որ իրեն կը պատկանի», կը նշանակէ՝ թէ ոչ մէկ անհատ կամ մարդկային խմբակ կրնայ ինքզինք ամենակարող նկատել եւ իրաւասու՝ ոտնակոխ ընելու այլ անհատներու եւ կամ ընկերային խումբերու արժանապատուութիւնը։  Ոյժի բաժանումը (քաղաքական, տնտեսական, զինուորական, ճարտարարուեստական, եւն.) ենթականերու հաւաքականութեան մը մէջ, եւ պահանջքները եւ հետաքրքրութիւնները կարգաւորելու իրաւական կառոյցի մը ստեղծումը՝ կ՛իրականացնէ ոյժի սահմանափակումը։

 

Այսօր աշխարհի համայնապատկերին մէջ կը նկատուին կան բազմաթիւ սխալ իրաւունքներ որոնք կ՛օժանդակեն  յատուկ տերութիւններուն ոյժի չար գործադրման, ընկերութեան լայնածաւալ հատուածներ թողելով առանց պաշտպանութեան, ու կենսոլորտը կործանումը կը յառաջացնեն աճեցնելով ''բացառուածներու'' թիւը։

 

Ասոր համար, պէտք է զօրեղ կերպով հաստատել անպաշտպան հատուածներու իրաւունքները, ամրապնդել կենսոլորտի պաշտպանութիւնը, եւ վերջ դնել բացառումներուն։

Պէտք է հաստատել, թէ «կենսոլորտի իրաւունք» մը գոյութիւն ունի՝ երկու պատճառներով։ Նախ՝ որովհետեւ մարդ էակը կենսոլորտի մաս կը կազմէ։ Կ՛ապրինք կենսոլորտի հետ սերտ հաղորդակցութեան մէջ, որովհետեւ կենսոլորտը ինքնին ունի բարոյական սկզբունքներ, զորոնք մարդկային արարքը պէտք է ընդունի եւ յարգէ։

Երկրորդ՝ իւրաքանչիւր արարած, մանաւանդ կենդանի էակներ, ինքն իր մէջ կը բովանդակէ գոյութեան, կեանքի, գեղեցկութեան եւ այլ արարածներու հետ փոխկախուածութեան արժէք մը։

Մենք քրիստոնեաներս, այլ միաստուածեան կրօնքներու հետ միասին, կը հաւատանք, որ տիեզերքը յառաջ կու գայ Արարիչի սիրոյ որոշումով՝ նմաններու բարիքին եւ Արարիչի փառքին համար, առանց սակայն չարաշահելու զայն եւ մանաւանդ եւս՝ առանց իրաւասու ըլլալու զայն կործանելու։

Այստեղ, իր պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ կենսոլորտի չարաշահումի ողբերգական հետեւանքներուն, որուն զոհ կը դառնան ամենէն աղքատները, եւ որմէ կը շահին բացառուած անհատներ։ Ան նշում կատարեց իր «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական թուղթին։

Չի բաւեր հանգիլ համաձայնութիւններու եւ որոշումներ գոյացնել։ Պէտք է որոշումները հետեւողականութիւն ունենան, պէտք է գործի վերածուին – ըսաւ Քահանայապետը ու շեշտեց, որ աշխարհը ուժգնօրէն կը պահանջէ բոլոր ղեկավարներէն՝ արդիւնաւէտ, գործնական եւ յարատեւ կամք՝ գործնական եւ անմիջական քայլերու իրականացմամբ, պահպանելու եւ բարելաւելու համար կենսոլորտը, եւ շուտափոյթ յաղթահարելու ընկերային եւ տնտեսական բացառման երեւոյթը՝ դրսեւորուած մարդկային էակներու համար տխուր հետեւանքներով, ինչպէս՝ մարմնի գործարաններու վաճառք, երեխաներու սեռային չարաշահում, ստրկացնող աշխատանք՝ ներառեալ պոռնկութիւն, թմրանիւթի եւ զէնքերու վաճառք, ահաբեկչութիւն եւ միջազգային կազմակերպուած յանցագործութիւն։

Պէտք չէ իյնալ ճարտասանական անուանականութեան մէջ՝ խիղճը հանդարտեցնելու նպատակով։ Պէտք է հոգ տանինք, որ մեր հաստատութիւնները՝ այս պատուհասներու դէմ մղուած պայքարին մէջ ըլլան արդիւնաւէտ»։ Ասոր համար, Սրբազան Պապը յորդորեց, որ պետութիւնները եւ կազմակերպութիւնները առնեն գործնական քայլեր՝ պաշտպանելու մարդու եւ բնութեան իրաւունքները, վերացնելու անարդարութիւնը եւ աղքատութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ պետական ղեկավարները հրաւիրեց յանձնառում ցուցաբերել ընտանիքին որ է ընկերութեան զարգացումին հիմնական բջիջ, որպէսզի անոր ապահովուին նիւթական պայմանները` ինչպէս բնակարանը, աշխատանքը, հողը, ազատութիւնը, կրօնի ազատութիւնը, դաստիարակութեան իրաւունքը եւ այլ քաղաքացիական իրաւունքներ։ Ու Մանաւանդ կեանքի յարգանքը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անդրադարձաւ պատերազմի պատուհասին ըսելով՝ «պատերազմը բոլոր իրաւունքներու ժխտումն է եւ կենսոլորտի դէմ գործադրուած յարձակում մը։ Եթէ կ՛ուզենք մարդկային եւ համապարփակ վաւերական զարգացում մը, պէտք է անխոնջ կերպով հետապնդենք ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ պատերազմը մերժելու յանձնառութիւնը»։

Երրորդ հազարամեակի առաջին 15 տարիները ցոյց կու տան միջազգային սկզբունքներու կիրարկման բացակայութիւնը։  Եթէ ՄԱԿի սկզբունքները յարգուին եւ կիրարկուին թափանցիկ եւ լուրջ կերպով, առանց յետին նպատակներու, իբր արդարութեան պարտադիր վկայակոչման աղբիւր, եւ ոչ իբր գործիք երկդիմի նպատակներ դիմակաւորելու, այն ժամանակ միայն կը հասնինք խաղաղութեան արդիւնքներու։ Իսկ եթէ, սկզբունքը ընկալենք պարզապէս իբր միջոց՝ գործածելու զայն այն ժամանակ միայն, երբ ան նպաստաւոր կը թուի, եւ խուսափելու անկէ երբ աննպաստ կը նկատուի, այն ժամանակ կը բացուի անզուսպ ոյժի Փանտորայի տուփը, որ ծանրապէս կը վնասէ անօգնական ժողովուրդներու, մշակութային միջավայրի եւ նաեւ կենսաբանական մթնոլորտի։

ՄԱԿի փաստաթուղթի ներածականը եւ առաջին յօդուածը կը նշեն միջազգային իրաւական կառոյցի հիմը՝ խաղաղութիւնը, հակամարտութիւններու խաղաղ լուծումը եւ ազգերու յարաբերութեան բարեկամական զարգացումը։ Աղս սկզբունքին կը հակասէ Զէնքերու արտադրանքի յարատեւ միտումը։

Պէտք է ճիգ թափել կերտելու աշխարհ մը՝ առանց հիւլէական զէնքերու, ամբողջութեամբ կիրարկելով ապասպառազինման պայմանագիրը, իր բառացի իմաստով եւ իր հոգիով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի, Ասիայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի  Քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու կացութեան վերյիշելով բռնութիւնները հիմնուած ատելութեան վրայ, պաշտամունքի վայրերու կործանումը, կործանումը մշակութային ժառանգութեան, տուներուն եւ վտանգի մատնուած անհատներու կեանքերը որոնք ստիպուած են այլուր փնտռել խաղաղ ու հանգիստ կեանք եւ կամ թիրախ դառնալ ստրկութեան ու հարստահարումի։

Այս բոլորը կը պահանջէ միջազգային կեանքի լուրջ խղճի քննութիւն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դատապարտելով կրօնական հալածանքները Ուկրանիոյ, Սուրիոյ Իրաքի, Լիպիայի, Հարաւային Սուտանի եւ այլ վայրերու մէջ։

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ դրական եւ բացասական փորձառութիւնները պէտք է մեզ մղեն այս հարցը լրջօրէն հետապնդելու։ «Ինչպէս իմ 9 օգոստոս 2014 թուակիր նամակիս մէջ խնդրած էի ՄԱԿի Ընդհանուր Քարտուղարէն՝ մարդկային արժանիքի ամենէն տարրական ըմբռնումը կը պարտադրէ միջազգային հասարակութիւնը, յատկապէս միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ միջոցներու գործադրութեամբ, ընել ամէն կարելին, կասեցնելու եւ կանխարգիլելու համար յետագայ բռնութիւններ՝ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ, եւ պաշտպանելու համար անմեղ ժողովուրդներ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ թմրանիւթի վաճառքի մասին, որուն զոհ կը դառնան միլիոնաւոր անհատներ։ Դատապարտեց այս երեւոյթը, նկատելով որ ան եղծումներէն մին է, որ տարածուած է կեանքի զանազան մակարդակներու վրայ, ինչպէս՝ ընկերային, քաղաքական, զինուորական, արուեստի եւ կրօնական մարզերու մէջ՝ ստեղծելով զուգահեռ կառոյց մը, որ հարցականի տակ կը դնէ մեր կազմակերպութիւններու արժանահաւատութիւնը։

Հասարակաց Տունը մեզ կը մղէ լաւ հասկնալու միջազգային եղբայրութիւնը որ հիմնուած ամէն մէկ մարդ արարածի կեանքի սրբութեան վրայ, որ պէտք է ճանչցուի որպէս Մարդ Էակ եւ ոչ որպէս լոկ ''թիւ'' մը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շեշտեց ՄԱԿի եւ անոր յարակից կազմակերպութիւններու պատասխանատուութեան եւ պարտականութիւններուն վրայ, եւ յորդորեց խնդիրներու քննարկումը եւ լուծումներու կիրարկումը չյետաձգել։

Ան ապա Ամենաբարձրեալին օրհնութիւնը հայցեց բոլորին եւ բոլոր Ժողովուրդներուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.